Լիբանան` 100-ամեակի ընդլայնուած նիստը քննարկեց 2015-ի աշխատանքային ծրագիրը
Չորեքշաբթի, 29 յունուար 2014, երեկոյեան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի
ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ընդլայնուած նիստը:
Նիստին մասնակցեցան գերպծ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուարատեան, պարոն Ռաֆայէլ Ումուտեան,
ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայ առաքելական եւ աւետարանական յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը,
ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչները: Ժողովականները
նախ լսեցին 2014-2015 տարուան, 100-ամեակի առիթով նախատեսուած ընդհանուր ծրագիրին մասին
զեկուցում: Զեկուցումին հետեւեցաւ քննարկում նախատեսուած աշխատանքներուն ընդհանուր ուղղուածութեան,
բնոյթին, շեշտադրումներուն եւ նախահաշիւին վերաբերեալ: 100-ամեակի տարուան իրականանալիք
ձեռնարկներու ընդհանուր ծրագիրը յարանուանական, քաղաքական եւ միութենական բոլոր ժողովականներուն
կողմէ հաստատուելէ ետք, սեփականութիւնը պիտի դառնայ հանրութեան, յատուկ ասուլիսով: